Ազգային պայքարող Պարոն Գէորգ Եազըճեանին կը մաղթենք արագ ապագինում
Kevork Yazedjian
Լիբանանի էլեկտրականութեան անկանոնութեան պատճառով երկու անգամ յօդս ցնդեցաւ շնորհակալութեան բաւական երկար խօսքս բոլոր անոնց, որոնց տարբեր կերպ զօրակցեցան ինծի՝ անցեալ շաբաթ իմ կեանքի ամենածանր գործողութեան նախօրէին, ընթացքին ու անկէ ետք՝ առ այսօր։ Վեց օր հիւանդանոց մնալէ ետք երէկ պահապան հրեշտակիս՝ Արաքսի քրոջս հետ վերադարձած եմ իր բնակարանը, ուր պէտք է ունենամ ապաքինման շրջան մը, որ կրնայ տեւել մինչեւ երկու շաբաթ։ Այնուհետ, եթէ վիրաբոյժս՝ ոսկի մատներու տէր եւ ԳԼԽԱԳԻՐՈՎ ՄԱՐԴ Ռամի Նասրը արտօնէ ինծի օդանաւ բարձրանալ, առաջին իսկ հնարաւորութեան պիտի վերադառնամ Հայրենիք։ Հոն ԽՍՏԱԳՈՅՆՍ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԵՄ ԻՐԵՆՑ ՏԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆՓՈՒԹՈՒԹԵԱՄԲ ԶԻՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ՍԱՀՄԱՆ ՀԱՍՑՈՒՑԱԾ ԵՒ ՄՆԱՑԵԱԼ ԿԵԱՆՔՍ ՀԱՇՄԱԾ մսագործ <բժիշկ>ները։ Պիտի հասնիմ անոնց բժշկական վկայականները չեղարկել տալուն, այլեւ հսկայական տոյժ եւ տուգանք բռնագանձել պիտի տամ այդ էակներէն։ Կը յուսամ որ օրինական միջոցները կը բաւականացնեն այս նպատակներուն հասնելու համար։
Անգամ մը եւս անհուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք վերջին ամիսներուն աղօթքով, բարեմաղթանքով, այցելութեամբ, հեռաձայնով, կապի այլ միջոցներով, շատերու պարագային՝ նաեւ գումարային նուէրներով զօրակցեցան իմ այս ծանր փորձութիւնը յարաբերաբար թեթեւ յաղթահարելուն։ Տէրը թող բազմապատիկը վարձահատոյց ըլլայ բոլորիդ։ Երբեք ցաւ չունենաք։
Խոնարհաբար՝
Գէորգ Նաթալի
Խնորահհաբար՝
Գէորգ Նաթալի
Պուրճ Համմուտ, 8 դեկտեմբեր 2025, կէսօր